2013-07-23 13:52:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 Յուլիսի Թուիթը` ''Շնորհակալութիւն Հոյակապ Ընդունելութեան Համար''


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթերեան կայքի միջոցաւ անընդհատ կապի մէջ է Պրազիլի երիտասարդներուն հետ։ Արդարեւ երեքշաբթի 23 յուլիսի կէսօրին Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլորին ''հոյակապ հիւրընկալութեան'' համար.

''Շնորհակալութիւն. Շնորհակալութիւն. Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ ու բոլոր պատկան իշխանութիւններուն այս հոյակապ հիւրընկալութեան Պրազիլի հողին վրայ։'' Գրեց Քահանայապետը իր հրատարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.